2016-10-10 13:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 10 հոկտեմբերի թուիթը։ ՝՝Ամէն պատիժ` յոյսի կարիք ունի՝՝


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի, 10 հոկտեմբեր 2016-ին, կը նշուի մահապատիժի դէմ համաշխարհային օրը, որ հռչակուած է Մարդկային իրաւանց Amnesty International Միջազգային կազմակերպութեան եւ այլ մահապատիժի դէմ կազմակերպութիւններու կողմէ։  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այս առթիւ Քահանայապետական թուիրթերեան  կայքին վրայ հրատարակեց թուիթ մը որուն մէջ նկատել տուաւ, թէ ամէն մէկ վաւեր պատիժ` ներառելու է յոյսը։ 

 ՝՝Ամէն մէկ վաւերական  պատիժ՝ յոյս ներառելու է'' գրած է Ֆրանչիսկոս Պապ իր այսօրուան թուիթին մէջ աւելցնելով #NoDeathPenalty աշթակը։








All the contents on this site are copyrighted ©.